Կաղապար:Օրվա հոդված/Փետրվարի 3, 2017 թ.
From Wikipedia, the free encyclopedia
1917ի Փետրուարի յեղափոխութիւն, թիւով երկրորդն է՝ յաջորդած 1905ի յեղափոխութեան եւ նախորդած՝ 1917ի պոլշեւիք յեղաշրջումին։
Փետրուարեան յեղափոխութեամբ Ռուսիոյ մէջ խառն դարաշրջանը ծայր կ'առնէ, երբ ոչ միայն Ռոմանով գերդաստանը գահընկէց կ'ըլլայ, այլեւ Ռուսիան կը դադրի կայսրութիւն ըլլալէ եւ կը տատանի դրամատիրական վարչակարգը՝ ցնցելով եւ ի վերջոյ կը փոխուի երկրին վերնախաւը։
Աշխարհամարտին՝ Ռուսիոյ ձախաւեր մասնակցութիւնը՝ ռազմաճակատներու վրայ իրերայաջորդ պարտութիւններով եւ երկրի ներսի կեանքին տակն ու վրայ ըլլալով։
Նիքոլա Բ կայսեր անկարողութիւնը իշխել երկիրը՝ վրիպած անձերը իբրեւ նախարար եւ զօրավար պաշտօնի կոչելով։
Տէրութեան իշխան դասակարգը պաշարած կաշառակերութիւնը։
Քարուքանդ տնտեսութիւնը։
Ժողովուրդը որ այս ամէնը տեսնելով եւ յեղափոխական զանազան քարոզիչներէն ազդուելով՝ այլեւս չէր հաւատար ցարին, եկեղեցականներուն եւ տեղական իշխանութեանց։
Խոշոր արդիւնաբերողները եւ առեւտրականները եւս դժգոհ էին ցարի քաղաքականութենէն։ Ցարի ընտանիքին պատկանող անձերն անգամ կը տրտնջէին։... Ավելին⇒